Ձմեռնամուտ

Երբ երկիրը պատեց
Վերմակ վերմակ ու թեթեւիկ-թեթեւիկ,

Ճերմակ-ճերմակ ու թիթեռնիկ-թիթեռնիկ,
Ձիւնիկն իջաւ արծաթ երկընքով,
Եւ երկիրը պատեց։

Վերմակ-վերմակ ու թեթեւիկ-թեթեւիկ,
Հողիկը շիջաւ ոսկի երկունքով,
Եւ աչուկները փակեց։

Արգանդ-արգանդ ու դարաւանդ-դարաւանդ,
Ջըրիկը պառկեց հողի գըրկին,
Եւ ըստինքը սառեց։

Մարմանդ-մարմանդ ու ադամանդ-ադամանդ
Արեւը զարկեց պաղի սըրտին,
Եւ աստղուկները շարեց։