Աշուն Կեանք

Աչքի առաջ,
Հառաչ-հառաչ,
Խորհըրդաւոր տերեւներ,
Բունէն ընկած կեղեւներ,
Հողի վերայ,
Դեղին յուսով
Կողի վերայ։

Լուռ, անտերունչ,
Խուլ, անմըռունչ՝
Չորով-փորով կեռ ծառեր,
Ծըռով-փըռով լեռ քարեր,
Եւ հենաւոր՝
Սարի կողին,
Ե՛ւ մենաւոր։