Ի՞նչ

Մահո՞ւ հովեր՝…
Թէեւ ճըկուն՝
Թեւերն արձակ
Կը փըքեն։

Ահա՜ ծովեր՝
Թէեւ նըկուն՝
Ձեւերն արձակ
Կը կըքեն։

Հի՜ն տարիներ,
Սի՜ն տարիներ՝
Բուխ գարունով․
Ծուխ շարունով։

Ջըրեր ծալեակ՝
Թէեւ թեթեւ,
Իրար-հըրան՝
Կը շրչեն․․․։

Հըրեր հալեակ՝
Թէեւ դեդեւ՝
Իրար-կըռան՝
Կը հըչեն․․․։

Նո՜ր տարիներ,
Եռ աշունով․
Օր բարիներ՝
Սէր դաշունով։