Առաջ

Այսօր, նորէն, դէմքիդ վերայ գիշեր է կաթել,
Շանթ ու կայծակ ճայթելէն.
Սըրտիդ խորէն արիւն կ’եռայ՝ ամպեր են պատել,
Հուր ու փայլակ սայթելէն։

Սըրտով բարի,
Հոգիդ արի՛
Որ քու նաւը
Չը շըւարի՛:

Կեանքի կըռիւ՝ ճիշտ դատելով՝
Կանաչ, խըռիւ միշտ զատելով։

Դէպի առա՛ջ.
Հեռի հառաչ։