Մենաւոր

Երբ անտառում լուսնի ծովեր,
Սիրոյ հովեր,
Սողոսկեցան ծառէ ծառ
Ու սարէ սար,

Եւ ամէն մարդ՝
Գտաւ մի վարդ
Սըրտիկին զարդ,

Ես մենաւոր մտայ տուն,
Ինձ մըխիթար գըտայ քուն,
Որ աչերուս կապեց մէջ
Ու տարածեց վերարկուն։