Սէր ու Ջեր

Արեւն այտէն
Ծիրան ցայտով,
Լուսիկ-լուսիկ ճըրագեց,
Կագաւ ոտէն
Վարդի հոտով,
յուսիկ յուսիկ կըրակեց։

Ծառի քովէն
Սարի հովով,
«Զիս կը սիրե՞ս» շըրշընջեց.
Հոգուս խորէն,
Սիրու ձորով,
Զիս կը սիրե՞ս, մըրմընջեց.

Աչքի տակէն
Սըրտիս ակով
Ծաղիկ-ծաղիկ ծիծաղեց,
Գոգի մարգէն
Բարակ զարկով
Գաղիկ-գաղիկ շաղ մաղեց։

Աղբէր քուրէն
Սառն աղբուրով
Տորոն-տորոն սէր փընջեց։
Հուր աչերէն
Լուռ պաչերով
Որոն-որոն ներշընչեց։